x

News

Նաթալին Սարգիսեանի Յիշատակին Նուիրուած ՀՄԸՄի «Մասիս» Մասնաճիւղի Ֆութպոլի Միջ-Մասնաճիւղային Մրցումները http://asbarez.com/arm/255741 ‪#‎soccer‬ ‪#‎tournament‬ ‪#‎massis‬ ‪#‎scout‬ ‪#‎athletic‬ ‪#‎games‬ ‪#‎cause‬ ‪#‎memory‬ ‪#‎natalinesarkisyan‬ ‪#‎nataline‬ Thank You to everyone who participated
By: Hilda
Jun 10, 2016

soccer asbarez

ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԷԱՆ

 

Մինչ 21-22 Մայիս 2016ի շաբաթավերջին, Վեն Նայսի Պըրմինկհամ Չարթըր Հայ Սքուլի պասքէթպոլի մարզադաշտերուն վրայ տեղի կ՛ունենային ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 41րդ մարզախաղերը, Շաբաթ, 21 Մայիսի ամբողջ օրը, նոյն վարժարանի ֆութպոլի մարզադաշտերուն վրայ կը կատարուէին ՀՄԸՄի «Մասիս» մասնաճիւղի կազմակերպած Ֆութպոլի 6րդ միջ-մասնաճիւղային մարզախաղերը՝ նուիրուած մասնաճիւղի անդամներէն հանգուցեալ ՀՄԸՄական Նաթալին Սարգիսեանի յիշատակին:

Մրցումներուն կը մասնակցէին չորս մասնաճիւղերէ 18 փոքր դասակարգի խումբեր:

– ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ, 1 խումբ.

– ՀՄԸՄի Քրեսենթա հովիտի «Շան»չ մասնաճիւղ, 5 խումբ.

– ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ, 4 խումբ.

– ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ, 5 խումբ։

Առաւօտեան ժամը 8ին սկսած եւ մեծ ոգեւորութեամբ շարունակուած փոքր մարզիկներու այս մրցումները մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին ֆութպոլի մարզադաշտերուն վրայ, ուր համախմբուած մարզասէր հասարակութիւնը կը քաջալերէր մասնակիցները, իսկ մրցող մարզիկները իրենց լաւագոյն խաղարկութիւնը կը ցուցաբերէին:

Կէսօրուան դադարին, բոլոր մասնակիցները համախմբուեցան մարզադաշտի խոտերուն վրայ, ուր  մրցաշարքի կազմակերպիչ մասնաճիւղի վարչութեան մարզական պատասխանատու Սթիւ Սարգիսեան մասնակիցներուն, ներկայ ծնողներուն եւ համակիրներուն ներկայացուց մասնաճիւղի անդամներէն հանգուցէալ Նաթալին Սարգիսեանի անուան հիմնարկի ստեղծման եւ  6րդ տարին ըլլալով իրագործուող մրցաշարքի կարեւորութիւնը: Եղբայրը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց հանգուցեալի ծնողներուն՝ ՀՄԸՄական Գօգօ եւ Հիլտա Սարգիսեաններուն, եւ եղբօր՝ Պետիկին, որոնք ոչ միայն կը հովանաւորեն կարեւոր այս մրցումները, այլ նաեւ իրենց սիրելիի յիշատակին յառաջացուցած հիմնարկին միջոցաւ օգտակար կը հանդիսանան կարիքաւոր երեխաներու:

Եղբայրը յիշեցուց մասնակիցներուն, թէ բախտաւոր են, որ կը մասնակցին նման մրցաշարքերու, որովհետեւ իրենց հասակակիցներէն շատեր զրկուած են նման հնարաւորութիւններէ: «Այս մրցաշարքը  ախոյեանութիւն չունի: Անիկա յաղթելու կամ պարտուելու հեռանկարով չէ կազմակերպուած, այլ՝ մասնակցելու, հիմնարկութիւնը ճանչնալու եւ հայկական խումբերը համախմբելու գեղեցիկ գաղափարին համար», մատնանշեց Սարգիսեան: Ապա ան հրաւիրեց ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը հանգուցեալ Նաթալին Սարգիսեանին եւ ֆութպոլի մարզիկ Լեւոն Թոմասին, որ անցեալ տարի Համա-հայկական խաղերու մասնակցութեան համար Հայաստան մեկնած եւ արկածի մը հետեւանքով մահացած էր:

Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Հիլտա Սարգիսեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց «Մասիս» մասնաճիւղին եւ բոլոր անոնց, որոնք կը նպաստեն մրցաշարքի յաջողութեան եւ յարատեւման համար: Ապա, կարգ մը կարեւոր բացատրութիւններ տալով հիմնարկութեան աշխատանքներուն մասին, ան առաջին հերթին յայտնեց, թէ մրցաշարքի ֆութպոլի գնդակները վարդագոյն են, որովհետեւ այդ գոյնը Նաթալինի սիրած գոյնն էր: Ապա, անդրադառնալով հիմնարկութեան մօտիկ ապագայի աշխատանքներուն, ան յայտնեց, թէ Սեպտեմբերին «Հայ Ռայտըրզ»ներուն հետ գործակցաբար կը կազմակերպեն խաղալիքներու արշաւ՝ մանկական հիւանդանոցներու համար։

Նաթալինի տարեդարձին նուիրուած նորաձեւութեան ցուցադութեան 9րդ ձեռնարկը այս տարի տեղի պիտի ուինենայ 9 Յուլիս 2016ին, Քալապասասի «Մերսետես Պենզ»ի կեդրոնին մէջ:

Ան յստակացուց նաեւ, որ այս ձեռնարկին հասոյթը իբրեւ կրթաթոշակ կը տրամադրուի այն աշակերտներուն, որոնք կը մասնագիտանան նորաձեւութեան, արուեստի, լուսանկարչութեան եւ բժշկական մարզերէն ներս:

Ուրախալի էր տեսնել նաեւ յատուկ գանձանակ մը մարզադաշտի ճաշի կրպակի մուտքին, որ նուիրուած էր Արցախի անմիջական օգնութեան հիմնադրամին: Կրպակին մօտեցող իւրաքանչիւր մարզիկ, ՀՄԸՄական կամ ծնողք, առանց տատամսումի իրենց լուման կը դնէին գանձանակին մէջ, ոյժ եւ կորով մաղթելով արցախահայութեան:

Ֆութպոլի գեղեցիկ այս մրցումները, մարզական ուրախ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7: Մասնաճիւղի վարչութեան եւ մարզական պատասխանատուներուն առընթեր, ամբողջ օրը մրցումներուն հետեւեցան մրցաշարքի մղիչ ոյժը հանդիսացող Սարգիսեան ընտանիքը:

Թէեւ ախոյեանութեան բաժակի հարց գոյութիւն չունէր, սակայն մասնակից մարզիկները ձեռնունայն չհեռացան մարզադաշտերէն: Մրցումներու աւարտին, անոնք հաւաքուեցան մարզադաշտին վրայ եւ հպարտանքով ընդունեցի իրենց յաղթանակի մետալները:

Անոնք գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, իրենց հետ տանելով յաղթողի հպարտանքը, իսկ իրենց  յիշողութեան մէջ դրոշմեցին մրցումներուն տուն տուող ՀՄԸՄական քրոջ՝ Նաթալին Սարգիսեանի վառ յիշատակը: